2017-12-18 08:10:00

Լիբանան - Ս. Ծննդեան համերգ` Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ։


Հովանաւորութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սերժ եւ Մարօ Չուխատարեաններուն կիրակի, 17 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ  տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգ` կատարողութեամբ Ղազար վրդ. Պետրոսեանի եւ լիբանանահայ թենոր Ճոնի Կէօքճեանի, մասնակցութեամբ «Արծիւեան» եւ «Բլբուլ» երգչախումբերուն, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Մանուէլ Քէշիշեանի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դալար Աթէշեան: Ան ըսաւ, որ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ այս նախաձեռնութիւնը առիթ մըն է, որ միասին ապրինք Ս. Ծնունդի խորհուրդը, հովիւներուն նման խոնարհաբար մօտենանք Յիսուսին, իսկ  մոգերուն նման վկայենք, որ մանուկ Յիսուսը արքան էր երկրի եւ երկինքի: Աթէշեան մաղթեց, որ Բեթղեհէմի փայլուն աստղը լուսաւորէ բոլորը:

Յայտագիրի առաջին մասով նախ ելոյթ ունեցաւ «Բլբուլ» երգչախումբը եւ ներկայացուց «Խորհուրդ մեծ» եւ «Եա Մասիհան» երգերը, ապա «Արծիւեան» երգչախումբը ներկայացուց «Ատեսթէ Ֆիտելես» եւ «Տը ֆըրսթ Նոյել» երգերը: Երգչախումբի անդամներէն աքաբբելլա երգեցին «Հրեշտակք աւետիս կու տան» եւ «Փոքրիկ քաղաք Բեթղեհէմի»: Յայտագիրի երկրորդ մասը սկսաւ երաժշտական երկու կտորներով` ֆլիւթի նուագակցութեամբ Գէորգ Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Օլկա Պոլունի: Ապա Ճոնի Կէօքճեան ներկայացուց «Կեսու Պամպինօ» եւ «Էվրի վալի շել պի Էքսհալթըտ» երգերը, իսկ Ղազար վրդ. Պետրոսեան ներկայացուց «Ավէ Մարիա Տոլչէ Մարիա» եւ «Ակնուս Տէի»: Ճոնի Կէօքճեան եւ Ղազար վրդ. Պետրոսեան զուգերգով ներկայացուցին «Կատ պլես աս էվրիուան» եւ  «Ֆելիզ նաւիտար» երգերը:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Գէրոգ եպս. Ասատուրեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր երգողներուն եւ նուագողներուն, որոնք մանուկ Յիսուսը բերին ներկաներուն: Ան ըսաւ. «Մեզի համար մեծ շնորհ մըն է սրբութեամբ եւ ուրախութեամբ  պատրաստուիլ Ս. Ծննդեան: Մենք` քրիստոնեաներս, պէտք ունինք մանուկ Յիսուսի պատգամին, որ է սէր եւ խաղաղութիւն: Մենք ըլլանք պատգամաւորներ, որպէսզի ամէն տեղ սէր եւ խաղաղութիւն տիրէ»: Խօսքի աւարտին գերապայծառը շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան եւ բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ձեռնարկի յաջողութեան համար:

Եզրափակիչ երգով հանդէս եկան «Բլբուլ» եւ «Արծիւեան» երգչախումբերը, ինչպէս նաեւ երկու թենորները` Ղազար վրդ. Պետրոսեան եւ Ճոնի Կէօքճեան` ներկայացնելով «Կլորիա ին էքզելսիս տէօ» երգը:

(Ազդակ)








All the contents on this site are copyrighted ©.